Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը 5 Նոր Եպիսկոպոսներ Պիտի Օծէ 5 Փետրուարին` Երկու Առաքելական
Դեսպաններ Եւ Զանազան Ժողովներու Երեք Քարտուղարներ։
Յառաջիկայ 5 փետրուարին Սրբազան Քահանայապետը 5 եպիսկոպոսներ պիտի օծէ Ս. Պետրոս տաճարին
մէջ։ Նոր թեկնածուներու մէջ կան ապագայ առաքելական երկու դեսպաններ` մէկը Ինտոնեզիայի
եւ երկրորդը Փաքիստանի մօտ։ Միւս երեքը` քարտուղարներ նշանակուած են սուրբերու դատի ժողովին,
ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովին եւ կղերի ժողովին։